2012-03-08 13:19:54

Աղօթքի Համաշխարհային Օրուան Նշումը` Պուրճ Համուտի Մէջ


Ուրբաթ, 2 մարտ 2012-ի առաւօտուն, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ «Աղօթքի համաշխարհային օր»-ը: Այս տարուան աղօթքը պատրաստուած էր Մալեզիոյ ՜՜Աղօթքի համաշխարհային օրուան՝՝ յանձնախումբին կողմէ, եւ կը կրէր ՜՜Թող արդարութիւնը տիրէ՝՝ ընդհանուր թեման: Աստուածաշնչական հատուածներու ընթերցումին, շարականի ու հոգեւոր երգերու երգեցողութեան եւ յատուկ աղօթքներու արտասանութեան յաջորդեց պատգամի պահը:
Այս տարուան պատգամաբերն էր Նարեկ արք. Ալեէմեզեան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչը, որ խօսեցաւ աստուածային արդարութեան երկրի վրայ հաստատման հրամայականին մասին: Սրբազանը ըսաւ որ. ՜՜Քրիստոնեան կրաւորական էակ մը չէ. եկեղեցին իր ներգործօնութեամբ կը յատկանշուի. որովհետեւ, երբ կ՛աղօթենք ՜՜թող արդարութիւն տիրէ՝՝ միաժամանակ յանձն կ՛առնենք արդարութեան համար պայքարիլ, պայքարիլ` նոյնիսկ ի պահանջել հարկին մեր արեան հեղումով, եւ անարդար կարգերը տապալել՝՝:








All the contents on this site are copyrighted ©.